Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Իսրայէլ Զինադադարի Հսկողութեան Յանձնախումբին Տեղեկացուցած Է Թուրքերու Կողմէ Պէյրութի Օդակայանին Ճամբով Հըզպալլային Իրանեան Գումարներու Փոխանցման Մասին

[ad_1]

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Իսրայէլ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին փոխանցած է, թէ թուրքեր Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբով իրանեան գումարներ կը փոխանցեն Հըզպալլային:

Ամերիկեան օրաթերթը նշեց. «Թուրք պաշտօնատարներ կը հերքեն Հըզպալլային իրանեան գումարներու մաքսանենգումը, եւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը տեղեակ է, թէ Իրան կը շարունակէ օդակայանը օգտագործել Հըզպալլային գումարներ փոխանցելու համար»:

Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին անունով խօսող ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը եւ լաւատեղեակ անձեր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահած յանձնախումբին ներկայացուցած բողոքին համաձայն, իրանցի դիւանագէտներ եւ ուրիշներ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը փոխանցեն Հըզպալլային:

Ըստ իսրայէլեան բողոքագիրին, իրանցի պատուիրակներ Թեհրանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան կը մեկնին ամերիկեան տոլարներով լեցուն պայուսակներով:

Իսրայէլ նաեւ իր բողոքին մէջ պնդած է, թէ թուրք քաղաքացիներ կ՛օգտագործուին Պոլիսէն Պէյրութ օդանաւով գումարներու փոխադրման համար:

 

 



Source link

Leave a Comment