Սամպօ. Հայաստան 21 Մետալներով Վերադարձաւ Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Վերջերս Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մարտական Սամպոյի ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստանի ներկայացուցիչները ձեռք ձգեցին 21 մետալներ, որոնց կարգին 3 ոսկի, 5 արծաթ եւ 13 պրոնզ մետալներ:

98 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Աւանէսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 9-1 արդիւնքով յաղթելով խրուաթ Մարինօ Տուկայնիչին: Ան աւարտական չհասած դուրս ձգած էր ուքրանացի Եւկենի Մաքարովը, իսկ կիսաւարտականին գործող ախոյեան ռուս Մակոմետ Կասանովը 8-0 արդիւնքով: Աւանէսեանի համար երկրորդ տիտղոսն է այս Եւրոպայի 2023-ի տիտղոսէն ետք:

Անոր ոսկի մետալին զուգահեռ, Հայաստանի ազգային խումբը ձեռք ձգեց նաեւ 5 պրոնզէ մետալներ:

Դաւիթ Յովսէփեան (58 քկ), Արթուր Մալխասեան (79 քկ), Մհեր Մերճանեան (71 քկ), Աւետիք Պօղոսեան (88 քկ) եւ Համլեթ Սուքիասեան (58 քկ) գրաւեցին երրորդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալներ:

Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Մհեր Օհանեան 71 քկ կշիռի մրցումներուն յաղթեց իր բոլոր մրցակիցներուն` գրաւելով առաջին դիրքը եւ դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:

Պատանիներու մրցումներուն, 71 քկ կշիռի մարզիկ Գոռ Շատվերեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ այլ կշիռներու մէջ (պատանիներու մրցումներուն) Հայաստան ձեռք ձգեց 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ:

Պատանիներու մրցումներուն արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ շահեցան հայ ներկայացուցիչներ:

 

Leave a Comment