Հունգարիոյ Խորհրդարանը Հաստատած Է Միջազգային Քրէական Դատարանէն Դուրս Գալու Որոշումը

Հունգարիոյ խորհրդարանը հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանէն դուրս գալու որոշումը:

«Այս որոշումով մենք կը հրաժարինք ըլլալ քաղաքականացած հաստատութեան մաս, որ կորսնցուցած է անաչառութիւնն ու հեղինակութիւնը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօ:

Հունգարիոյ կառավարութիւնը որոշումին մասին յայտարարած էր այս ամսուան սկիզբը, երբ Պուտափեշտ հասած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որուն ձերբակալելու հրաման տուած է Միջազգային քրէական դատարանը:

Պուտափեշտը այդ դատարանին անդամ ըլլալով, պարտաւոր էր կատարել դատարանի որոշումը եւ կալանաւորել Նեթանիահուն: Սակայն, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան անձամբ վստահեցուցած էր, որ Իսրայէլի վարչապետը իր երկրին մէջ պիտի չձերբակալուի:

Leave a Comment