Իրան կրնայ տակաւին ունենալ գործող յաւելեալ հիւլէական կառոյց մը, մենք գիտէինք, որ անոնք ունին բազմաթիւ կառոյցներ, թերեւս երեք առաւել մէկ, սակայն երեքը հիմնականներն են: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Միեւնոյն ժամանակ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութենէն աղբիւրներու, կը գրէ, թէ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն Միացեալ Նահանգներու հարուածներէն ետք կազմակերպութեան տեսադաշտէն անհետացած է շուրջ 400 քիլոկրամ հարստացուած իւրանիոմ:
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ գործակալութեան կարծիքով, հիւլէական վառելանիւթը կրնար թաղուած ըլլալ աւերակներու տակ կամ տեղափոխուած գաղտնի վայր մը: Միեւնոյն ժամանակ, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գնահատականներով, հարստացուած իւրանիոմի նման պաշարները Իրանի համար բաւարար են առնուազն 9 հիւլէական մարտագլխիկ ստեղծելու համար:
Թրամփ նախապէս բազմիցս պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներու Իրանի հիւլէական կառոյցներու վրայ յարձակումը ամբողջութեամբ ոչնչացուցած է այդ երկիրի հիւլէական ծրագիրը: Այս պնդումները կասկածի տակ առնող լրատուամիջոցները բուռն քննադատութեան ենթարկուած են Թրամփի եւ անոր վարչակազմին կողմէ:
«Սքայ Նիուզ» եւս հաղորդեց. «Արբանեակային նոր լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ ամերիկեան հարուածներէն ետք իրանեան Ֆորտօ հիւլէական համալիրին մէջ աշխատանքները կը շարունակուին»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի ընկերային ցանցի վրայ գրեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չափազանցած է տեղի ունեցածին նկարագրութիւնը` իր սեփական նպատակներուն համար:
«Անոր խօսքերը լսած իւրաքանչիւր անձ կը հասկնայ, որ այս խօսքերուն ետին մէկ այլ ճշմարտութիւն կայ: Անոնք ոչինչ կրնային ընել եւ չափազանցած են ճշմարտութիւնը թաքցնելու ու գաղտնի պահելու համար», նշած է Խամենէի:
Թրամփ ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Իրանին որեւէ բան չեմ առաջարկեր, անոր հետ չեմ բանակցիր»: