Քալլաս. «Ես Այստեղ Եմ Յստակ Ուղերձով` Եւրոպական Միութիւնն Ու Հայաստանը Երբեք Այսքան Մօտիկ Չեն Եղած, Որքան` Հիմա»

Ես այստեղ եմ յստակ ուղերձով` Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը այսքան մօտիկ չեն եղած, որքան` հիմա: Այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Այսօր մեր կողմէ միասնաբար տրուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ խորհրդակցութիւններու մեկնարկը:

«Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման` հիմք ընդունելով գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ ճամբայ հարթել շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար», ըսած է Քալլաս:

Leave a Comment