Պաղայի. Իրան Կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիրին»

Իրան կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրին: Այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հարցի վերաբերեալ մենք միշտ ընդգծած ենք երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ խրախուսած ենք երկու կողմերն ալ կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը:

«Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին:

«Մենք լաւ եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ», ըսած է Պաղայի:

 

Leave a Comment