Իսրայէլ-Յունաստան-Կիպրոս 2026-ի Ռազմական Ծրագիր` Ընդդէմ Թուրքիոյ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ եռակողմ զինուորական համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրութեան մասին: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, այս համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականը, նպատակ ունի զսպել Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական ազդեցութիւնը: Ծրագիրը կը նախատեսէ կանոնաւոր միացեալ ռազմափորձեր, մասնայատուկ ուժերու ստորաբաժանումներու վարժեցում եւ խորհրդակցութիւններ բարձրագոյն զինուորական հրամանատարութեան մակարդակով: … Read more

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Դաշնակիցները Տարւոյն Սկիզբը Փարիզի Մէջ Ժողով Պիտի Գումարեն` Քննարկելու Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ յունուարին Փարիզի մէջ պիտի գումարուի Ուքրանիոյ դաշնակիցներու ժողով մը` քննարկելու համար Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ծիրին մէջ Ուքրանիոյ տրամադրուելիք ապահովական երաշխիքները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր զրոյցէն ետք Մաքրոն յայտարարեց. «Դաշինքի փափաքող պետութիւնները յունուարի սկիզբը Փարիզի մէջ պիտի հաւաքուին իրենց իւրաքանչիւրին մասնակցութեան … Read more

Ըստ Սուրիացի Պաշտօնատարի Մը. Սուրիոյ Կայունութեան Քայքայման Փորձեր Եւ Արտաքին Օրակարգեր Գոյութիւն Ունին

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Պասսամ Պարպանտի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ երկրին մէջ կայունութեան քայքայման փորձեր գոյութիւն ունին: Ան ըսած է, թէ կառավարութիւնը ցոյցերուն առիթ ընծայած է, «որովհետեւ նոր Սուրիոյ մէջ ենք»: Պաշտօնատարը շեշտած է, որ տեղի ունեցողը «պետութեան խափանում» է` նշելով. «Գոյութիւն ունին կայունութիւնը քայքայելու յայտարարուած արտաքին օրակարգեր»: Երէկ Սուրիոյ ծովեզերեայ … Read more

Արաղչի Եւ Պըն Ֆարհան Քննարկած Են Եմենի Եւ Լիբանանի Հարցերը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը կիրակի կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումները: Այս մասին հաղորդեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու … Read more

Իրանի Եւ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Կարեւոր Հարցեր

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային կարեւոր հարցերու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Նախարարները մտահոգութիւն յայտնած են Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ` Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնագիրներու խախտումներու, ինչպէս … Read more

Ընդունելով Եգիպտոսի Քարիւղի Նախարարը` Աուն. «Կազի Մեր Կարիքներուն Բաւարարման Համար Փոխադարձ Հասկացողութեան Արձանագրութեան Ստորագրումը Ելեկտրականութեան Արտադրման Կարողութեան Աճ Պիտի Ապահովէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Եգիպտոսի քարիւղի եւ մետաղային հարստութեան նախարար Քարիմ Պատաուին ընդունելու ընթացքին Լիբանանի երախտապարտութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցուցմունքով լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրուած աջակցութեան համար: «Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար Եգիպտոսի կողմէ բաւարար բնական կազի տրամադրման համար երկու երկիրներուն միջեւ փոխհասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը գործնական ու հիմնական քայլ մըն է, … Read more

Եգիպտոսի Դեսպանը Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Վաւերացման Համար Շնորհաւորեց Կառավարութիւնը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա շնորհաւորեց լիբանանեան կառավարութիւնը ելեւմտական բացի օրինագիծը վաւերացնել յաջողելուն համար` նշելով, որ անիկա «շատ կարեւոր քայլ կը նկատուի, եւ շարք մը ներքին եւ ֆինանսաւորման միջազգային հաստատութիւններու կողմէ զայն վաւերացնելու պահանջներ կային: Այս քայլին յաւելեալ քայլեր պիտի յաջորդեն, եւ բոլոր անոնք, որոնց հետ խօսեցայ, կը գնահատէին այս քայլը եւ կառավարութեան այս … Read more

Քարամ. «Ինչո՞ւ Ոմանք Պատասխանատու Պաշտօններ Ստանձնեցին, Եթէ Պատրաստ Չեն Պետութեան Կառուցման Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ նշեց. «Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի` ելեւմտական բացի վերաբերեալ տեսութեան, անոր ընդդիմացողներուն պատճառները քաղաքական նկատելուն եւ «զէնքի հարցը բարեկամաբար կը լուծուի» ըսելուն լոյսին տակ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ ան եւ անոր համակարծիք եղողները պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցին, եթէ պատրաստ չեն պետութեան վերակառուցման, զայն փոքրիկ պետութենէն եւ փտածներէն ազատելու համար պատասխանատուութիւն … Read more

Հաժ Հասան. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Համար Ձեր Կարելին Ըրէ՛ք, Ետքը Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Քննարկումին Եկէ՛ք»

Պաալպեք Հերմելի երեսփոխանական պլոքի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Մենք սպառնալիքի եւ սարսափեցման առջեւ չենք վախնար, չենք նահանջեր եւ անձնատուր չենք ըլլար»: «Դիմադրութիւնը լիովին յարգեց զինադադարի համաձայնութեան պայմանները, եւ մեզի համար լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը գերիշխանական առաջնահերթութիւն է: Լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն մօտ համախոհութիւն վայելող նիւթ ըլլայ: Անիկա գերիշխանական առաջնահերթութիւն է, որ որեւէ … Read more

Ճատրակ. Մակնուս Քարլսեն` Ախոյեան

Նորվեկիացի մեծ վարպետ Քարլսեն շահեցաւ Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 12 հանգրուաններու արդիւնքով Քարլսեն 10,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ գլխաւորեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ռուս վարպետ Վլատիսլաւ Արտեմեւ (9,5 կէտ)` չնչին առաւելութեամբ հնդիկ Արճուն Էրիկայսիի վրայ, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը: 9,5-ական կէտեր ձեռք ձգեցին նաեւ Հանս Նիման եւ Լենիեր Տոմինկես … Read more