Ճեմարանի Դարպասին Մօտ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

[ad_1]

ՍԱԼԲԻ ԱՒԵՏԻՍ

Տասներեք տարի առաջ` 2012  թուականի հոկտեմբերին, կեանքի ուղին գեղեցկագոյն ձեւով մեզ միացուցած էր իրարու` մեր երկուքիս սիրելի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի յարկին տակ, նախ` իբրեւ ծնող, ապա` պաշտօնակից: Դպրոցի մայր մուտքին մեր զաւակներուն դասերը, անոնց առօրեայ հարցերն ու ապագան դարձած էին մեր անվերջ զրոյցներուն գլխաւոր նիւթերը: Աշխատող մայրեր էինք եւ կ’ուզէինք լաւագոյն ուսումը ապահովել մեր զաւակներուն…

Երկու տարի ետք նոյն կրթօճախին մէջ մենք դարձանք գործընկերներ ո՛չ միայն կիսելով մեր աշխատանքները, այլ նաեւ` մեր  երազները: Յաղթահարելով վերելքներն ու վայրէջքները` մեր բարեկամութեան կապերը ամրացուցինք:

Հետդ իւրաքանչիւր նիւթ, իւրաքանչիւր պահ լեցուն էր ծիծաղով եւ յոյսով: Անկեղծ խանդավառութեամբդ մեր փոքր նուաճումներն անգամ կը վերածէիր մեծ տօնակատարութիւններու, իսկ անսահման դրականութիւնդ կը բարձրացնէր մեր բոլորին տրամադրութիւնը: Ուժ էիր եւ լոկ ձգտում: Սիրտիդ ու հոգիիդ բարութիւնն ու ժպիտիդ ջերմութիւնը կը սփռէիր ամէն կողմ:

2017-2020 թուականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի եռամեայ դասընթացքներն ու մանկավարժութեան առցանց դասապահերը մեր պատմութեան կարեւորագոյն փուլը կազմեցին: Մայրավանքի թանգարանի սրահին մէջ մեր ազգին ընդհանուր ժառանգութեան ծանօթանալով, հայագիտութեան եւ կրթութեան խորքերը ուսումնասիրելով` դարձանք մտերիմ դասընկերուհիներ …

Դուն ընկերուհիէ մը աւելի էիր ինծի համար: Դուն` լոյսի եւ անսահման դրականութեան աղբիւր,  ինծի սորվեցուցիր գնահատել մեր կեանքի փուլերուն իւրաքանչիւր պահը, տեսնել օրինականութեան գեղեցկութիւնը եւ մանաւանդ` վայելել կեանքի շնորհած իւրաքանչիւր վայրկեանը:

Այսօր այդ նոյն կեանքի ուղին մեզ իրարմէ բաժնեց…

Հիմա ես կանգնած եմ բացակայութեանդ աներեւակայելի իրողութեան առջեւ եւ կը զգամ կորուստիդ ծանրութիւնը: Սակայն նոյնիսկ այս ցաւին մէջ կը զգամ  ներկայութիւնդ, որ կը ստիպէ ինծի գտնելու ուժ եւ ապրելու կեանքը սէրով եւ նպատակով. կը զգամ եռանդդ, որ չ՛ուզեր անհետանալ … Իւրաքանչիւր ուրախութեան պահու կը յիշեմ ժպիտդ, իւրաքանչիւր պայքարի ժամանակ կը յիշեմ քու խրախուսող խօսքերդ, իսկ իւրաքանչիւր խոկումի պահուս կը զգամ ժամանակի կամ հեռաւորութեան կողմէ չխախտուած մեր կապը:

Իրմա ջա՛ն, թէեւ  բացակայութեանդ ցաւը խոր է, սակայն ես շնորհակալ եմ իւրաքանչիւր պահուան, ծիծաղի եւ արցունքի համար, զորս կիսեցինք իրարու հետ:

Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, իմ սիրելի՜, գեղեցի՜կ ու ազնի՜ւ ընկերուհի: Ես վառ պիտի պահեմ յիշատակդ, խօսքերդ ու խրատներդ եւ անսահմանօրէն երախտապարտ պիտի մնամ այն վայրկեանին, որ առիթ ընծայեց ինծի` հանդիպելու քեզի Ճեմարանի դարպասին մօտ:

Ընկերուհիդ`
ՍԱԼԲԻ ԱՒԵՏԻՍ



Source link

Leave a Comment