[ad_1]
Եւրոպական ֆութպոլի «հսկաներ» Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի իրար դէմ պիտի մրցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի փլէյ օֆի նաք-աութի հանգրուանին, ուր վերջին 2 տարիներու ախոյեաններէն միայն մէկը պիտի հասնի 1/16-րդ հանգրուան:
Այս տարուան նոր ձեւի առաջին հանգրուանէն ետք, այդ խումբերը, որոնք առաջին 8 դիրքերը չգրաւեցին, ինքնաբերաբար դժուար մրցակիցներ ունենալու վտանգին մատնուեցան, եւ ինչ որ պատահեցաւ երէկուան վիճակաձգութեան, ատոր փաստն էր:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը, նշելով, որ երթի մրցումները տեղի կ՛ունենան 11 փետրուարին, իսկ դարձի մրցումները` 18 փետրուարին, այնուհետեւ յաղթական խումբերը կը մասնակցին վիճակաձգութեան 21 փետրուարին` գիտնալու լաւագոյն 8 խումբերէն իրենց մրցակիցը, երթ (4 մարտ) եւ դարձի (11 մարտ) դրութեամբ:
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Աթալանթա
Սփորթինկ Լիզպոն – Պորուսիա Տորթմունտ
Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ
Սելթիք – Պայերն Միւնիխ
Եուվենթուս – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ֆեյենուրտ – Ա. Սէ. Միլան
Պրեսթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Մոնաքօ – Պենֆիքա