[ad_1]
«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Հիուսթըն Ռոքեթց մրցումի վերջին մասի վերջին 5 վայրկեաններուն չկրցաւ իր 8 կէտի առաւելութիւնը պահել եւ 1 կէտով զիջեցաւ Մեմֆիսի դաշտին վրայ:
Հիուսթըն, որ կը փորձէր 4-րդ անգամ ըլլալով յաղթել Կրիզլիզին (այս տարեշրջանին), 1 կէտով զիջեցաւ Մեմֆիսի դէմ:
Երկու խումբերէն ալ կարեւոր աստղեր կը բացակայէին: Հիուսթըն կը մասնակցէր առանց թուրք սենթըր Ալփերէն Շենկիւնի, որ ձախ ոտքի մկանային ցաւ ունէր, մինչ Մեմֆիսի մարզիկ Ճա Մըրենթ ուսի ցաւէ կը տառապի:
Տեզմընտ Պէյն 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Ճերըն Ճեքսըն 8,6 երկվայրկեան առաջ նշանակեց իր ազատ հարուածները` 1 կէտով գերազանցելով Հիուսթընը:
Լիւք Քենըրտ աւելցուց 21 կէտ եւ Սանթի Ալտամա 15 կէտ նշանակեց Մեմֆիսի հաշուոյն, որ արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը 7 մրցումներու ընթացքին:
Ճէյլըն Կրին 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիուսթընի եւ Տիլըն Պրուքս (22 կէտ) – Էյմըն Թոմփսըն (21 կէտ) զոյգը լաւ ելոյթ մը եւս ունեցաւ:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 39-րդ յաղթանակը արձանագրեց 137-115 արդիւնքով յաղթելով Աթլանթա Հոքսի, Օհայոյի մէջ: Տարիըս Կարլենտ (26 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) ուրախութեամբ տօնեցին իրենց դաշտին վրայ, մանաւանդ ընտրուելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար» մրցումի պահեստի մարզիկներու շարքին: Տոնավըն Միչել 24 կէտ աւելցուց («Օլ Սթար»-ի հիմնական խումբէն ընտրուած), մինչ Թայ Ճերոմ 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի:
Հոքսի նորեկ մարզիկ Զաքարի Ռիսաչըր 30 կէտ նշանակեց եւ Տիանտրէ Հանթըր 25 կէտ աւելցուց ի նպաստ Հոքսի, որ յաջորդական 7-րդ մրցումը պարտութեամբ աւարտեց:
Առանց Անթոնի Տէյվիսի (ստամոքսի մկանի ցաւ) Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 134-96 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Լըպրոն Ճէյմս 24 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց եւ 4-րդ մասին հանգիստ դիտեց մրցումը` առիթ տալով իր զաւկին` Պրոնիի, որ ամբողջ 4-րդ մասին խաղցաւ` նշանակելով 5 կէտ, իր ասպարէզի առաւելագոյնը` Լէյքըրզի հետ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 119-90
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 120-119
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-138
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 96-134
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Աթլանթա Հոքս 137-115