Աշխարհի Ամենահին Նկարազարդ Թղթակցութիւնը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

[ad_1]

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նկարազարդ թղթակցութեան առաջին օրինակը տօնեց իր 5 դարերը: Այս առաջին գծանկարներով օժտուած թղթակցութիւնը լոյս տեսաւ 24 փետրուար 1525-ին: Ան կը գրէր Իտալիոյ հիւսիսը` Փաւիի շրջանին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին մասին:

* * *

Կրնաք նկարը գտնել հետաքրքրական, զարմանալի, ազդեցիկ… Սակայն ան պարզ պատերազմը ներկայացնող պատկեր մը չէ: Ան առաջին «նկարազարդ» թղթակցութիւնն է, այսինքն պատկերը գծուած է տեղւոյն վրայ, պատերազմին ընթացքին, իրականութիւնը ներկայացնելու համար: Ասիկա պատմական մեծ պատահար մըն է թղթակցութեան աշխարհին մէջ:

Այս պատկերներով թղթակցութիւնը կը ներկայացնէ Իտալիոյ հիւսիսը` Փաւիի շրջանին մէջ տեղի ունեցող պատերազմը Ֆրանսուա Ա.-ի ֆրանսական բանակին եւ Շարլ Քենթի կայսերական ուժերուն միջեւ: Այս պատմական պատերազմին ընթացքին Ֆրանսա կը կորսնցնէ եւ Շարլ Քենթ իր իշխանութիւնը կը պարտադրէ ամբողջ շրջանին մէջ: Ասիկա կարեւոր իրադարձութիւն մըն է Իտալիոյ 6-րդ պատերազմին ընթացքին մէջ:

* * *

Այս պատկերները շատ կարեւոր են, որովհետեւ անոնք յիշատակներու վրայ հիմնուած պարզ նկարչութիւններ կամ փորագրութիւն-տպագրութիւններ չեն: Անոնք իրագործուած եւ պատերազմին ականատես եղող անձերու, այսինքն այդ ժամանակաշրջանի «թղթակիցներուն» կողմէ, եւ անոնք փորձած են կարելի եղածին չափ իրապաշտ ըլլալ իրենց նկարներուն մէջ` ներկայացնելով իրականութեան ամէնէն հարազատ պատկեր մը: Անոնք գրած են նաեւ շատ ճշգրիտ հաշուետուութիւններ` պատերազմին ամէնէն ճշգրիտ լուրերը կարենալ փոխանցելու համար:

Ահա թէ ինչի՛ կը նմանէր պատմութեան առաջին պատկերազարդ թղթակցութիւնը: Բայց, ինչպէս կը տեսնես, երբ թերթը ձեռքերուդ մէջ այս յօդուածը կը կարդաս, այժմ շատ մեծ փոփոխութիւններ ապրած է թղթակցութեան աշխարհը, յատկապէս` շնորհիւ նկարահանութեան եւ անդադար նորոգուող արհեստագիտութեան:

Ընդհանուր Գիտելիքներ

– Ծանօթ է, որ «Ռոլեքս»-ը աշխարհի ամէնէն սուղ ժամա ցոյցներէն մէկն է: Սակայն գիտէի՞ր, որ ընկերութեան շահին 90 առ հարիւրը կը բաժնուի բարեսիրական կազմակերպութիւններու: Ընկերութիւնը այս որոշումը տուած է, որովհետեւ անոր տէրը փոքրիկ որբ մը եղած էր:

– Պրազիլի մէջ բուսնող ճապութիքապա ծառը իւրայատուկ ծառ մըն է. անոր պտուղները ուղղակիօրէն կոճղին եւ ճիւղերուն վրայ կը բուսնին: Անոր փոքրիկ, խաղողի նմանող պտուղները անուշ եւ թթու համ մը ունին: Անոնք կ՛ուտուին թարմ, կամ կը գործածուին անուշ շինելու համար:

– Ըստ Եւրոմոնիթըր ինթըրնաշիոնալ ուսումնասիրական ընկերութիւնը, Փարիզ 2024-ի աշխարհի ամէնէն քաշողական ազդեցութիւն ունեցող քաղաքը եղած է:

– Գիտէի՞ր, որ ջուրի կերպընկալէ շիշերու վրայ նշուած աւարտի թուականը դրուած է շիշին համար, եւ ո՛չ ջուրին:

– Նամակաբաշխումի եւ առարկաներ ուղղարկելու սպասարկութեան սկիզբի օրերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կարգ մը ծնողներ իրենց փոքրիկ զաւակները իրենց ազգականներուն մօտ կը ղրկէին նամակաբաշխումի ընկերութեան միջոցով: Այս ձեւով, 1913 թուականին Օհայօ նահանգին մէջ 8 ամսուան մանուկը ղրկուեցաւ իր մեծ մօր մօտ, որ կ՛ապրէր 1.5 քմ հեռու:

– 23 տարեկան Լեքսի Ալֆորտ փորձած է աշխարհի ամէնէն փոքր տարիքի երիտասարդուհին, որ այցելած է աշխարհի բոլոր երկիրները, անոնց կարգին նաեւ` Հիւսիսային Քորէա:

– 2024 թուականին աշխարհի բնակչութեան  կէսէն աւելին օնլայն է: 5,3 միլիառ անձ, այսինքն` աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 66 առ հարիւրը, համացանցի կապուելու դիւրութիւնը ունի:

– 102 տարեկան մարդ մը նոյն` 1928-ի արտադրութիւն «Ռոլզ ռոյզ» ինքնաշարժը քշած է 77 տարիներու ընթացքին:

– Տուպայ կը պատրաստուի 2026 թուականին աշխատցնելու առաջին օդային թաքսիները, որոնց արագութիւնը պիտի հասնի ժամական 320 քմ.ի:

Մտածենք

 Պալ Մասք Է

Բարեկենդանին առիթով չորս բարեկամներ իրենց ընտանի անասունները տարին պալ մասքէի` ծպտումի մրցումի մը: Ալինին, Կարինին, Պետիկին եւ Վաչէին անասունները` շուն մը, կատու մը, թռչուն մը եւ ձուկ մը, ծպտուած էին: Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր անասունը որու կը պատկանի, եւ ան ի՞նչ տարազ հագուած է:

1.- Մանչ մը իր ձուկը մրցումին տարաւ:
2.- Ալինը իր անասունին սորվեցուց «Աարրշշ…» ըսել, որպէսզի ան իր տարազին համաձայն վարուած ըլլայ:
3.- Վաչէն իր անասունին հագցուց հտպիտի տարազ:
4.- Ձուկը իր ամանին վրայ ճերմակ լաթ մը դրաւ` իբրեւ տարազ:
5.- Կարինէն որոշեց իր շունը ծպտել իբրեւ հոթ-տոկ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել փոքրիկ անասունին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր բանալիին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս օգնել Թալինին` գտնելու իր փնտռած առարկան: Անոր վրայ կայ ծաղիկի մը պատկերը,
ան կը գտնուի 2 ապակիէ առարկաներու միջեւ, սակայն ան կլոր չէ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:

 

 

 

 

 

 



Source link

Leave a Comment