Քանատայի Վարչապետը Թրամփի Խոստումի Գործադրութեան Դէմ «Խիստ Ոճի Զգուշացում» Մը Յղեց

[ad_1]

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ խիստ ոճի զգուշացում մը յղելով յայտնեց, որ «Քանատան անմիջական ու չափազանց ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ», եթէ Միացեալ Նահանգներ Քանատայի դէմ «անարդարանալի» մաքսատուրքեր հաստատեն: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»-ը:

«Պիտի շարունակենք աշխատիլ եւ պէտք եղած ջանքը թափել խուսափելու համար մեր վրայ հաստատուելիք այս մաքսատուրքերէն, սակայն, ինչպէս ըսի, եթէ երեքշաբթի օր Քանատայի վրայ անարդարանալի մաքսատուրքերը հաստատուին, անմիջական ու չափազանց ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք, եւ քանատացիները այդ է, որ կը սպասեն», յայտարարեց Թրուտօ:

Քանատան ամերիկեան հաւանական մաքսատուրքերը մեծապէս մտահոգիչ կը նկատէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շարունակ կը քննադատէ դէպի Միացեալ Նահանգներ թմրեցուցիչներու հոսքէն եւ կը պնդէ, թէ անոնք Քանատայէն ու Մեքսիքայէն կու գան, եւ կը նախատեսէ 4 մարտէն սկսեալ մաքսատուրքեր հաստատել Քանատայի եւ Մեքսիքայի դէմ:

«Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան մաքսատուրքերուն, կը հաստատեմ, որ մեր կառավարութեան մէջ, իրողութեան մէջ ամբողջ քանատական կառավարութիւնը, վարչապետները, գործարարները, հասարակութեան ղեկավարները մէկ բանի վրայ կը կեդրոնանան, վստահ ըլլալ, որ մինչեւ երեքշաբթի օր, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն, Քանատայի դէմ մաքսատուրքեր պիտի չհաստատուին», աւելցուց Քանատայի վարչապետը:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահին խօսած յառաջիկայ շաբթուան պատժամիջոցներուն առանցքը ֆանթանել թմրեցուցիչի տագնապին մասին է, որ Միացեալ Նահանգները կը դիմագրաւեն, սակայն զայն նաեւ Քանատան կը դիմագրաւէ», նշեց Թրուտօ:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներ ֆանթանելի մաքսանենգման առնչուած մտավախութիւններուն` Թրուտօ յայտնեց. «Ամերիկա մուտք գործող ֆանթանելին նուազ քան 1 առ հարիւրը Քանատայէն կու գայ»:

 



Source link

Leave a Comment