Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտութիւն Մը Կրեց Ազուրէն

[ad_1]

Չորեքշաբթի երեկոյեան, Լուայզէի դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս 74-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազուրէն:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները առաջին 5 վայրկեաններուն քիչ մը կորսուած վիճակ ունէին եւ 7 կէտով ետ մնալէ ետք (15-8) կրցան 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալ 20 երկվայրկեան մնացած, եւ մինչեւ առաջին մասի աւարտ 3 կէտի առաւելութիւն պահեցին:

Երկրորդ մասին այս առաւելութիւնը հասաւ 10 կէտի, բայց Ազուր միշտ ալ կը մօտենար, եւ կիսախաղին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 37-33 արդիւնքով յառաջացած էր:

Բուռն պայքարը 3-րդ մասին էր, ուր խումբերը հաւասարութեամբ աւարտեցին` 54-54 արդիւնքով:

Ազուր 4-րդ մասին շատ աւելի լաւ էր, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն 11 կէտ կրցաւ նշանակել` բազմաթիւ 3 կէտնոց կողովներ կորսնցնելով: Քենետի Կէյվըն բազմաթիւ դիւրին հարուածներ կորսնցուց, սակայն պէտք է շեշտել, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տկար կէտը այս մրցումին ազատ հարուածներն էին: Անոնք 19 փորձերէն միայն 10-ն յաջողութեամբ նշանակեցին: Համեմատաբար աւելի քիչ ըրին թըրն օվըր (11), բայց հարուածներու տոկոսը շատ ցած էր` 39 տոկոս 2 կէտնոց կողովներ եւ 22 տոկոս 3 կէտնոց կողովներ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն 7 մարզիկներ օգտագործեց այս մրցումին, մինչ Ազուր 8 մարզիկներ օգտագործեց, Իթալի Լուքաս 26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ազուրի, որուն լաւագոյն լիբանանցի մարզիկն էր Ամար Մանսուր, որ 10 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց:

11-ական կէտեր նշանակեցին Այտա Պախոս եւ Մարիա Ղալեպ, մինչ Միրամար Մոքտատ 8 կէտ նշանակեց:

ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկն էր Քենետի Կէյվըն` 16 կէտով եւ 17 ռիպաունտով, մինչ Տանիելա Ֆայյատ 15 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճաքայրա «Իկի» Էլըն 19 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ խմբապետ Փերլա Պու Նասր (6 կէտ), Փաթիլ Ասատուրեան (3 կէտ) եւ Եաշա Զէյնուն (6 կէտ) սպասուած մակարդակը չցուցաբերեցին: Յոյսով, որ մինչեւ յաջորդ չորեքշաբթի Մթայլեպի դէմ խումբին մարզիկները իրենք զիրենք կը գտնեն:

Մթայլեպ իր վերջին մրցումին 74-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը: Ռիատի 76-32 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին, իսկ Պէյրութ Ֆըրսթ 70-42 արդիւնքով` Պքեննէային:

 

 

 



Source link

Leave a Comment