Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան

[ad_1]

Այսօր եւ վաղը Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումները, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ, Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 27-րդ, Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 26-րդ եւ Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումները:

Իտալիոյ մէջ շատ հետաքրքրական մրցումի մը, վերջին երկու տարիներու ախոյեանները` Նափոլի (2023) եւ Ինթեր Միլան (2024) պիտի մրցին Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնայի անուան մարզադաշտին վրայ:

Ինթեր, որ ախոյեանութեան գծով իր վերջին 5 մրցումներուն 2 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն արձանագրած է, համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի Նափոլիէն, որ իր վերջին 4 մրցումներուն չէ կրցած յաղթել պարտուելով վերջինին եւ հաւասարելով մնացեալ երեքին:

Եթէ երկու խումբերուն դէմ դիմաց մրցումներուն նայինք, պիտի տեսնենք, որ Նափոլի միայն 1 յաղթանակ կրցած է արձանագրել վերջին 11 ճակատումներուն (պարտուելով 6-ին):

Ինթեր անցեալ շաբաթավերջին գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ այսօր ժամը 19:00-ի այս մրցումէն ետք Անթոնիօ Քոնթէի խումբը թերեւս վերջին առիթը ունի վերագրաւելու առաջին դիրքը: Ինթեր իր կարգին պիտի փորձէ յաղթելով աւելի հանգիստ շարունակել ախոյեանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր մրցումներուն ալ վերադառնալով:

Աթալանթա, որ տարեշրջանին սկիզբը շատ լաւ ձեւով սկսած էր, անցեալ շաբաթ 5-0 արդիւնքով աւարտեց իր փետրուարի դժուար ամիսը, ուր դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն եւ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակէն: 3 կէտով ետ մնալով Ինթեր Միլանէն, Աթալանթա տակաւին յոյս ունի պայքարելու «Սերի Ա.»-ի տիտղոսին համար եւ այսօրուան Վենեցիայի դէմ մրցումը համեմատաբար դիւրին կրնայ թուիլ: Վենեցիա վերջին անգամ 22 դեկտեմբերին կրցած էր յաղթանակ արձանագրել, որմէ ետք իր կատարած 9 մրցումներէն 5-ին պարտուած էր եւ 4-ը հաւասարութեամբ աւարտած:

Ստորեւ` «Սերի Ա.»-ի 27-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Աթալանթա – Վենեցիա
Նափոլի – Ինթեր Միլան
Ուտինեզէ – Փարմա

ՎԱՂԸ
Մոնցա – Թորինօ
Պոլոնիա – Քալիարի
Ճենովա – Էմփոլի
Ա. Էս. Ռոմա – Քոմօ
Ա. Սէ. Միլան – Լացիօ Ռոմա

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Եուվենթուս – Վերոնա

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանին հետաքրքրական կրնայ ըլլալ Պարսելոնա – Ռէալ Սոսիետատ մրցումը:

Պարսելոնա բաժակի մրցումներուն շաբթուան կիսուն հետաքրքրական մրցումի մը 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, իսկ Սոսիետատ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Ռէալ Մատրիտէն:

Կոլերու առաւելութիւն ունեցող Պարսելոնա (Ռէալ Մատրիտի վրայ) կը գրաւէ առաջին դիրքը, 1 կէտի առաւելութիւն ունենալով 3-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ:

Որեւէ խումբի որեւէ սխալ կրնայ սուղի նայիլ ախոյեանութեան պայքարին մէջ:

Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիսին, որ կը պայքարի հասնելու եւրոպական մրցաշարքերուն: Այժմ 7-րդ դիրքը գրաւող Պեթիս իր վերջին 2 մրցումները յաղթած է եւ իր դաշտին վրայ նախապէս հաւասարութիւն արձանագրած էր Պարսելոնայի հետ:

3-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ 4-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիք Պիլպաոն:

Երթին Մատրիտի Աթլեթիքոն 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Պիլպաոյի դաշտէն, ուր Անխել Քորրէս կոլ նշանակած էր 92-րդ վայրկեանին:

Ստորեւ` 26-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Ժերոնա – Սելթա Վիկօ
Ռայօ Վայեքանօ – Սեւիա
Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Աթլեթիք Պիլպաօ

ՎԱՂԸ
Լեղանես – Խեթաֆէ
Պարսելոնա – Ռէալ Սոսիետատ
Մայորքա – Ալավես
Օսասունա – Վալենսիա

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վիարէալ – Էսփանիոլ

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն պիտի մեկնի Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտը, մրցելու համար Ֆրանքֆորթի դէմ, որ 4 անյաղթ մրցումներէ ետք անցեալ շաբաթավերջին ծանր պարտութիւն մը կրած էր Պայերն Միւնիխէն:

Լեւերքուզըն վերջին 3 մրցումներէն մէկուն յաղթելով միայն զինք 8 կէտով ետ պահեց Պայերն Միւնիխէն:

Լեւերքուզըն վերջին 3 մրցումներէն մէկուն յաղթելով միայն զինք 8 կէտով ետ պահեց Պայերն Միւնիխէն:

Ստորեւ` 24-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Մայնց
Հայտընհայմ – Մէօնշընկլատպախ
Վերտըր Պրեմըն – Վոլֆսպուրկ
Պոխում – Հոֆենհայմ
Զանեթ Փաուլի – Տորթմունտ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Պայեր Լեւերքուզըն

ՎԱՂԸ
Ունիոն Պերլին – Հոլշթայն Քիլ
Աուկզպուրկ – Ֆրայպուրկ

Անգլիոյ մէջ, ինչպէս նշեցինք, տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր Բ. դասակարգի 22-րդ դիրքը գրաւող Փլիմութ Արկայլ պիտի փորձէ անակնկալ մը եւս արձանագրել` մրցելով Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: Անցեալ հանգրուանին Փլիմութ 1-0 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Լիվըրփուլը, բայց վստահաբար Սիթի աւելի զգուշ կ՛ըլլայ, մանաւանդ որ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալէ ետք, ինչպէս նաեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի պայքարի ալ կարողութիւն չունի, վստահաբար պիտի փորձէ առնուազն տիտղոս մը շահիլ այս եղանակին:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.

Փրեսթըն – Պըրնլի
Քրիսթըլ Փելես – Միլուոլ
Պորնմաութ – Վուլվզ
Մանչեսթըր Սիթի – Փլիմոթ

ՎԱՂԸ
Նիւքեսըլ – Պրայթըն
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆուլհամ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Իփսուիչ

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 24-րդ հանգրուանին, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ 2025-ի իր 15 մրցումներէն 14-ն յաղթած է, պիտի հիւրընկալէ 4-րդ դիրքը գրաւող Լիլը:

Վստահաբար Փարիզի ակումբին կեդրոնացումը այսօրուան մրցումին վրայ պիտի չըլլայ, այլ չորեքշաբթի օրուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին` Լիվըրփուլի դէմ:

Ստորեւ` «Լիկ 1»-ի 24-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Սենթ Էթիեն – Նիս
Լանս – Լը Հաւր
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիլ

ՎԱՂԸ
Լիոն – Պրեսթ
Մոնփելիէ – Ռենն
Օքսեռ – Սթրազպուրկ
Անժէ – Թուլուզ
Մարսէյ – Նանթ

 



Source link

Leave a Comment