«Քրեմլինի Մէջ Այսուհետեւ Հայաստանի Հարցերով Պիտի Զբաղի Քիրիենքոն» Կը Գրէ «Վետոմոսթի»

«Քրեմլինի մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները այսուհետեւ պիտի համակարգէ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սերկէյ Քիրիենքոն», երէկ գրած է մոսկովեան «Վետոմոսթի» օրաթերթը` վկայակոչելով սեփական աղբիւրները:

Օրաթերթի տեղեկութիւններով` նախապէս հայաստանեան ուղղութեան համար պատասխանատու էր նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի մէկ այլ տեղակալ` Տմիթրի Քոզաքը:

«Հայաստանի հարցին մէջ Քիրիենքոն եւ աշխատակազմի` անոր ենթակայ ներքաղաքական պլոքը առայժմ ոչ թէ նախընտրական, այլ տեղեկատուական աշխատանք պիտի կատարեն», կը գրէ օրաթերթը:

«Հայաստանի ղեկավարութիւնը աշխուժօրէն կը շարժի դէպի Արեւմուտք, ինչ որ Ռուսիոյ պետական քաղաքականութեան տեսանկիւնէն անընդունելի է», նշած է «Վետոմոսթի»-ի զրուցակիցներէն մէկը:

Leave a Comment