Արաղչի. «Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը 3 Մայիսին Հռոմի Մէջ Պիտի Ըլլայ, Իսկ 2 Մայիսին Եւրոպական Եռեակին Հետ Ժողով Մը Պիտի Գումարենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ամերիկայի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն փուլը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիսին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ` Օմանի մէջ յայտարարածիս հիմամբ»:

«Ուրբաթ, 2 մայիսին եւրոպական եռեակին հետ ժողով մը պիտի գումարենք», ըսաւ Արաղչի` ակնարկելով Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ:

«Բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան նոր պատժամիջոցներու հաստատումը ժխտական պատգամ կը յղէ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Հակառակորդ կողմերուն բանակցութիւններուն ընթացքին սադրիչ քայլեր կատարելը կրնայ կասկածներ յառաջացնել անոնց լրջութեան նկատմամբ», ըսաւ Արաղչի:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, թէ Իրանի հետ հարցերը լաւ կ՛ընթանան` նշելով, որ մօտ օրէն համաձայնութիւն պիտի գոյանայ:

Թրամփ ըսած էր, թէ Իրանի հետ լաւ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ գործարք պիտի կնքուի առանց ռումբերու օգտագործման կարիք ըլլալու:

 

 

Leave a Comment