Պէյրութի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Արզ

Այս կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի մրցի Արզի դէմ, Պէյրութի շրջանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով:

Քանի մը ձախող փորձերէ ետք յուսանք ՀՄԸՄ-ի տղաքը այս տարի կրնան բարձրանալ Գ. դասակարգ` նկատի ունենալով, որ այդ մէկը իրագործելը համեմատաբար աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի խումբերը թիւով 10 խումբեր են, որմէ ետք առաջին դիրքը գրաւող խումբը կը հասնի աւարտական հանգրուան:

Համակիրներէն կ՛ակնկալուի մեկնիլ դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի տղաքը:

 

Leave a Comment