Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Իրենց Միջնորդութեան Վերջ Պիտի Տան, Եթէ Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Տագնապին Վերջ Տալու Շօշափելի Առաջարկներ Չներկայացնեն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց միջնորդութեան վերջ պիտի տան, եթէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան տագնապին վերջ տալու շօշափելի առաջարկներ չներկայացնեն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս իր կարգին լրագրողներուն յայտնեց. «Մենք ներկայիս կը գտնուինք փուլի մը մէջ, որ կողմերէն կը պահանջէ այս տագնապին վերջ տալու առաջարկներ ներկայացնել: Եթէ յառաջընթաց չարձանագրուի, ետդարձ պիտի կատարենք այս հոլովոյթին մէջ միջնորդի մեր դերակատարութենէն»:

Միւս կողմէ, Պրուս անդրադառնալով Հնդկաստան-Փաքիստան վերջին լարուածութեան, նշեց. «Ռուպիօ իր հնդիկ եւ փաքիստանցի պաշտօնակիցները պիտի յորդորէ վիճելի Քաշմիր տարածքի  հնդկական բաժինին մէջ արիւնալի յարձակումէն ետք կացութիւնը չբարդացնելու»:

«Ռուպիօ երեքշաբթի կամ չորեքշաթի օր պիտի խորհրդակցի իր հնդիկ ու փաքիստանցի պաշտօնակիցներուն հետ», ըսաւ ան:

Աւելի ուշ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Քելլի Ռուսիան մեղադրած է շարունակուող արիւնահեղութեան մէջ` յայտարարելով, որ այդ հարուածներուն պատճառով մեծաթիւ զոհեր եղած են, ներառեալ քաղաքայիններ:

«Ճիշդ հիմա Ռուսիան տեւական խաղաղութեան հասնելու հիանալի կարելիութիւն ունի», ըսած է Քելլի` աւելցնելով, որ պատերազմը դադրեցնելու բեռը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ուսերուն վրայ է:

 

Leave a Comment