Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին. Ընդունելութիւն Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով

Երէկ երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ-Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ապահովուած արդիւնքներուն առիթով:

Ներկայ էին հայ յարանուանական, կուսակցական, միութենական հոգեւոր եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու գրասենեակի գործավար Յարութ Մարկոսեան: Խօսք առին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Գազանճեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան:

Ընդունելութեան ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:

Leave a Comment