Թեհրան. «Կարելի Չէ Վստահիլ Ուաշինկթընի Դիրքորոշումներու Իրերայաջորդ Փոփոխութիւններուն, Որոնք Վերածուած Են Անոր Վարքագիծի Անփոփոխ Օրինաչափութեան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կարելի չէ վստահիլ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումներու իրերայաջորդ փոփոխութիւններուն, որոնք վերածուած են անոր վարքագիծի անփոփոխ օրինաչափութեան` շեշտելով. «Կարելի չէ վստահիլ այս փոփոխութիւններուն, որոնք անկայուն եւ ոչ հաւաստի են»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին նկատմամբ որդեգրած դիրքորոշումը «կտրականապէս անընդունելի է»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ յարձակումը «որեւէ պատրուակի վրայ հիմնուած չէ», եւ Թեհրան սկսաւ ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իրաւական հոլովոյթին` «այս ցեղապաշտ գոյացութիւնը» հաշուետուութեան ենթարկելու համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց, թէ միջազգային հաստատութիւններէն, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-էն գլխաւոր պահանջուածը նախայարձակի ինքնութիւնը պաշտօնապէս ճշդելն է` զայն իրաւական եւ քաղաքական ամբողջական պատասխանատու նկատելու ջանքի ծիրին մէջ:

Leave a Comment