Լաւրով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն Կողմէ Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումները Մտահոգիչ Են»

Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը երկրի ներքին գործն է, սակայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները մտահոգութիւն կը պատճառեն: Այս մասին Խըրխըզիստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նիստին չմասնակցեցաւ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ իր երկիրը շահագրգռուած է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի:

«Ես պիտի ուզեմ, որ կանոնական հայ եկեղեցւոյ վրայ յարձակում չըլլայ, եւ տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի», ըսած է Լաւրով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան արձագանգած է իր ռուս պաշտօնակիցին յայտարարութեան` նշելով. «Հայաստանի մէջ չկայ իշխանութիւններու պայքար եկեղեցւոյ դէմ: Սա իրաւական գործընթաց է, սա Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործն է: Պարոն Լաւրովը աւելի լաւ է` չխառնուի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն եւ ներքին քաղաքականութեան»:

Leave a Comment