Աքկիւն. «Եթէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուի, Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Վերաբերող Պայմանները Կատարուին, Թուրք-Հայկական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ»

Մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի որոշումով Ղարաբաղի ոեւէ քաղաքի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պիրոլ Աքկիւն:

«2021 թուականին մենք դիմում ներկայացուցած ենք Շուշայի (բռնագրաւեալ Շուշի, «Ա.») մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւն բանալու համար: Առայժմ ոչ մէկ երկիր այնտեղ հիւպատոսութիւն ունի:

«Այդ որոշումը Ազրպէյճանը պիտի տայ իր գերիշխան իրաւունքներուն ծիրին մէջ: Մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի որոշումով Շուշայի (բռնագրաւուած Շուշի, «Ա.») կամ Ղարաբաղի որեւէ այլ քաղաքի մէջ հիւպատոսարան բանալու», կը նշէ դեսպանը:

Աքկիւն նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթները պէտք է դիտարկել համապարփակ ձեւով. «Երկու կարգաւորման գործընթացներն ալ զուգահեռ կ՛ընթանան: 2022 թուականին նշանակուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ:

«Յայտնի է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակ է 1993 թուականէն: Հայաստան դէպի ծով ելք չունի, եւ ատկէ ամէնէն շատը կը վնասէ հայ ժողովուրդը: Այս խաղաղութենէն բոլորը պիտի շահին, սակայն ամէնէն շատը պիտի շահի Հայաստանը:

«Մենք կ՛ուզենք արագացնել կարգաւորման հոլովոյթը: Եթէ ստորագրուի կամ նախաստորագրուի կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ կատարուին «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող պայմանները, ապա թուրք-հայկական սահմանը կրնայ բացուիլ յարմար պահուն` Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ խորհրդակցութիւններէ ետք: Ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ կարգաւորման հոլովոյթը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ»:

 

 

Leave a Comment