Պաքուն Եւ Քիեւը Քննարկած Են Ռազմավարական Գործընկերութեան Խորացման Կարելիութիւնները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական, աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Ազրպէյճանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Եուրի Կուսեւի միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտնած է դեսպանը:

«Մենք արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Մենք քննարկեցինք մեր երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան խորացման ուղիները: Ես շնորհակալ եմ Ազրպէյճանին` Ուքրանիոյ նկատմամբ ցուցաբերած համերաշխութեան եւ մնայուն աջակցութեան համար», նշած է դիւանագէտը:

 

Leave a Comment