Թրամփ Կրնայ Չմասնակցիլ Հարաւային Ափրիկէի Մէջ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կրնայ չմասնակցիլ «Քսաններու խմբակ»-ի յառաջիկայ վեհաժողովին, որ նախատեսուած է նոյեմբերին հարաւային Ափրիկէի մէջ, եւ փոխարէնը կրնայ ուրիշ անձ մը ուղարկել` ներկայացնելու Միացեալ Նահանգները:

Թրամփ իբրեւ պատճառ նշած է Հարաւային Ափրիկէի «վատ քաղաքականութիւնը»:

Թրամփ բազմիցս քննադատած է Հարաւային Ափրիկէի թէ՛ ներքին, թէ՛ ալ արտաքին քաղաքականութիւնը:

Ան մասնաւորաբար դէմ է երկրի հողային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ` Կազայի պատերազմին ընթացքին Իսրայէլին ներկայացուած ցեղասպանութեան մեղադրանքին:

Թրամփ փետրուարին հրամանագիր ստորագրած էր` կրճատելու Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Ափրիկէին ելեւմտական աջակցութիւնը:

Leave a Comment