Ըմբշամարտ. Նազարեան Աշխարհի Ախոյեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ոսկի մետալ նուաճեց, երբ 65 քկ կշիռի մրցումներուն Ջանես Նազարեան հիանալի ելոյթներով յաղթական դարձաւ:

Աւարտականին Նազարեան 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Վրաստանի ներկայացուցիչ Էրեքլէ Թաւպերիծէի վրայ:

Ջանես զտումի մրցումներուն յաղթած էր ամերիկացի Արսենի Քիքինիուին, 18-րդ աւարտականին ազրպէյճանցի Հուսէյն Իսկանտարովին (9-1), քառորդ աւարտականին ֆրանսացի Քիլիան Էտուին (6-0) եւ կիսաւարտականին Եհոր Թարասենքոյին (3-1):

51 քկ յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն, Մարաթ Աճէմեան 11-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք թուրք Փոլաթ Չան Քարատենիզի, պրոնզէ մետալ շահեցաւ: 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Զաւէն Մեժլումեան 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանացի Տենիս Սերետինը եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ:

Leave a Comment