Այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը Դ. դասակարգի առաջին խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալի դէմ:
Երկու խումբերն ալ երկու տարիէ ի վեր իրենց նահանգներու ախոյեանները դարձած էին, բայց երկու խումբերն ալ յաջողեցան այս տարի բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Բ. խմբակի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Լեռնալիբանանի ախոյեան դարձած էր առանց որեւէ պարտութիւն կրելու, այս շաբաթավերջին իր դէմ պիտի ունենայ Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալը, որ «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանի մարզիկներէն կազմուած է մեծ մասամբ:
Իր վերջին մրցումին, Ղատ Աֆտալ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ֆիթիան Ատլունէն, բայց արդէն իսկ ապահոված էր առաջին դիրքը, մինչ Բ. դիրքը գրաւեց Աթլեթիքօ, որ Սեւակ Օհանեանի գլխաւորութեամբ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով իր կարգին բարձրացաւ Գ. դասակարգ:
Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Լիուաա Սայտա, Ղատ Աֆտալ եւ Աթլեթիքօ բարձրացան Գ. դասակարգ, բայց վստահաբար Դ. դասակարգի ախոյեան դառնալով բաժակ մը եւս կրնայ աւելնալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցանակներու պահարանին մէջ: