Հաճիեւ. «Զանգեզուրէն Անցնող Միջանցքի Բացումը Միջին Միջանցքի Կարելիութիւններու Աւելի Լայն Օգտագործում Պիտի Ապահովէ»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան պայմանագիրով նախատեսուած Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի» բացումը պիտի ապահովէ Միջին միջանցքի կարելիութիւններու աւելի լայն կիրարկում: Չինաստանի մէջ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան այս մասին նշած է` ուշադրութիւն հրաւիրելով Չինաստանի եւ Ազրպէյճանի համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ` Միջին միջանցքի կարելիութիւններու աւելի լայն օգտագործման տեսանկիւնէն:

Leave a Comment