Մուսա. «Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յետաձգումը Լաւ Պատգամ Մը Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւններու նիւթը Լիբանանի համար հիմնական հարց է, եւ մենք զանոնք իրենց ժամկէտին կատարելուն հետ ենք: Կը յուսանք, որ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ լաւագոյն ընտրանքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյանայ»` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն յետաձգումը  լաւ պատգամ մը պիտի չըլլայ:

Դեսպանը «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանանի կայունութիւնը մեզի համար հիմնական հարց է»:

«Արաբական եւ իսլամական շարք մը պետութիւններու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ ծրագիրը ողջունելը Համաս շարժումին վրայ կը դնէ ամերիկեան առաջարկը դրականօրէն ընկալելու պատասխանատուութիւն», ըսաւ Մուսա:

«Կը մաղթեմ, որ Համաս առաջարկը դրական կերպով ընկալէ», յայտնեց Եգիպտոսի դեսպանը` նշելով, որ իր երկիրը «ամէն ջանք պիտի թափէ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները, արաբական եւ իսլամական պետութիւնները համաձայնութեան երաշխաւոր կը նկատուին:

Անդրադառնալով Իրանի դիրքորոշումին` Մուսա ըսաւ. «Կը յուսանք, որ Կազայի մէջ պատերազմի աւարտով շրջանին մէջ լարուածութիւնը հանդարտի»` նշելով. «Իրան շրջանային ուժ մըն է, որ պէտք է նկատի առնուի, եւ Ամերիկայի ու Իրանի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ հարցերու հանդարտեցման»:

«Եգիպտոս Իրանի եւ Ամերիկայի հետ ուղղակի կապ ունի, եւ մենք ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը:

 

Leave a Comment