Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն Ու Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնները

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Քրիսթինա Քվինը:

Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան, «քննարկուած է Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին Հայաստանի Կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրներու իրագործմանն ուղղուած քայլերու ընթացքը»:

Կը Նշուի, որ հանդիպումին նաեւ անդրադարձ եղած է երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

 

Leave a Comment