Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Սպառնայ. «Հըզպալլայի Նկատմամբ Մեր Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Այալ Զամիր զգուշացուց, թէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի արարքներուն նկատմամբ Իսրայէլի  համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ` շեշտելով, որ իսրայէլեան բանակը «պիտի չհանդուրժէ որեւէ խախտում, որ Իսրայէլի անվտանգութիւնը որեւէ բեմի վրայ վտանգի կ՛ենթարկէ»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը:

«Բոլոր բեմերուն վրայ բարձր պատրաստուածութեամբ կը գործենք, եւ կարգ մը բեմերու վրայ դարձեալ անցնող երկու տարուան ընթացքին մեր գիտցածէն աւելի մեծ ուժով պիտի գործենք», ըսաւ ան` անուղղակի կերպով ակնարկելով զինուորական հաւանական նոր մագլցումի մը:

«Մաարիւ» նշեց, որ Զամիրի յայտարարութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ շարք մը կողմերու, ներառեալ Կազայի, Պէյրութի, Թեհրանի եւ Անգարայի ուղղակի պատգամներ են:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ճէյ.Տի.Էն.» կայքին յայտնեցին. «Եթէ Պէյրութը շարունակէ տատամսիլ, Իսրայէլ կրնայ միակողմանի կերպով գործել»:

 

 

 

Leave a Comment