Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը ջնջուեցաւ Մոսկուայի` Ուաշինկթընին յուշագիր մը յղելէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը:

Բրիտանական օրաթերթը նշեց. «Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ պահանջները պատճառ դարձան Պուտափեշտի մէջ որոշուած Փութինի եւ Թրամփի միջեւ ժողովի չեղեալ նկատուելուն»:

Ռուսիոյ պահանջները կը ներառէին տարածքային զիջումներ, ուքրանական բանակի թուաքանակի կրճատում եւ երաշխիք, որ Քիեւը երբեք պիտի չմիանայ ՕԹԱՆ-ին:

Հանդիպումը չեղեալ նկատելու որոշումը տրուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` խօսելով Փութին-Թրամփ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման չեղեալ նկատուելու պատճառներուն մասին, յայտարարեց. «Պէտք է կեդրոնանալ պաշտօնական ձեւակերպումներու եւ ոչ թէ օրաթերթային գնահատականներու վրայ»:

 

Leave a Comment