Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պետութիւնը մէկ մարմին է, որ բաղկացած է հանրապետութեան նախագահէն, կառավարութենէն եւ խորհրդարանէն` շեշտելով, որ վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին հետ տարակարծութիւնները անձնական չեն, այլ ի շահ հայրենիքին:

Նախագահը նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը յոգնեցաւ պատերազմներէն եւ չ՛ուզեր մագլցողական հռետորաբանութիւն լսել` կառչածութիւն յայտնելով տագնապներու լուծման համար դիւանագիտական ընտրանքին եւ փոխհասկացողութեան հռետորաբանութեան կիրարկման` փոխան տարբեր խնդիրներու լուծման համար պատերազմի հռետորաբանութեան:

Ան ըսաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Հըզպալլայի զէնքի հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ զէնքի մենաշնորհի որոշումը տրուեցաւ, եւ միայն գետնի վրայ անոր գործադրութիւնը կը մնայ:

Աուն ըսաւ, որ բարեկարգումը լիբանանեան ներքին պահանջ կը նկատուի, նախքան արտաքին պահանջ մը ըլլալը` յայտարարելով, որ կառավարութիւնը ելեկտրոնային կառավարման որդեգրման ճամբով փտածութեան դէմ պայքարի գործնական ծրագիրներ ունի:

Հանրապետութեան նախագահը հերքեց այն լուրը, թէ Հըզպալլան մերժած է, որ լիբանանեան բանակը Հարաւային արուարձաններուն մէջ խուզարկութեան համար դիրք մը մուտք գործէ` շեշտելով, որ այդ տեղեկութիւնը ճիշդ չէ:

Աուն նշեց, որ Միջազգային դրամատունը վերաշինութեան գինը շուրջ 14 միլիառ տոլար գնահատած է:

Նախագահը յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը ծանր եւ միջին զէնքերու յանձնումն է, իսկ թեթեւ զէնքերը լիբանանեան հասարակութեան մշակոյթին մաս կը կազմեն:

Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը իր պարտաւորութիւնները առանց ընդդիմութեան կամ խնդիրներու կը կատարէ:

 

Leave a Comment