Ընդունելով Զինադադարի Հսկողութեան Յանձնախումբի Նոր Նախագահը` Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Յանձնախումբի Աշխատանքը Կեանքի Կոչելու Եւ Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին ներկայացուց յանձնախումբի նոր նախագահ, ամերիկացի զօրավար Մայքըլ Լինին: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն:

Նախագահ Աուն շեշտեց. «Անհրաժեշտ է հսկողութեան յանձնախումբի աշխատանքը կեանքի կոչել եւ շարունակել Իսրայէլի վրայ ճնշումը, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները, հեռանայ իր բռնագրաւած հինգ բլուրներէն եւ լիբանանցի գերիները վերադարձնէ»:

«Լիբանանեան բանակը հարաւի մէջ, մասնաւորաբար Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ իր առաքելութիւնը կը կատարէ ամբողջական կերպով, ուր կը շարունակէ զէնքի եւ զինամթերքի գրաւման գործողութիւնն ու զինեալ երեւոյթներու վերացումը», աւելցուց նախագահը:

 

 

Leave a Comment