Սահեր. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատումով Հետաքրքրուած Ենք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումով հետաքրքրուած ենք»:

Սուրիական աղբիւր մը իր կարգին իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները կառուցուին աստիճանաբար, մինչեւ տարեվերջին իրենց հիմնական տեսքին հասնիլը»:

Սուրիական աղբիւրը նաեւ նշած է. «Դամասկոս Իսրայէլէն պիտի պահանջէ ճանչնալ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը եւ չմիջամտել տիւրզիներու, ալեւիներու եւ քիւրտերու հարցերուն»:

 

Leave a Comment