Խամենէի. «Արեւմուտքի Պահանջները Զուտ Պատրուակ Են»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է, թէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Արեւմուտքի պահանջները պատրուակ են Իրանի դէմ գործողութիւններ ձեռնարկելու համար:

Ան այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի զգուշացումէն ետք, որ եթէ Իրան հիւլէական աշխատանքներուն վերսկսի, հարուածները պիտի չուշանան:

«Իրանի ժողովուրդը վերջին պատերազմին մէջ իր ուժն ու վճռականութիւնը ցոյց տուաւ եւ պիտի չընկրկի», յայտարարած է Խամենէի:

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ապտոլրահիմ Մուսաւի իր կարգին յայտարարած է, թէ Թեհրան չի վստահիր Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի խոստումներուն, եւ ամբողջովին պատրաստ է դիմակայելու անոնց կողմէ որեւէ նոր յարձակում:

Leave a Comment