[ad_1]
Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հինգշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի գծով մրցումի մը ընթացքին իր ասպարէզի 921-րդ կոլը նշանակեց Ռաէտ խումբին դէմ:
Նասր 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռաէտը. մրցումի ընթացքին Ռոնալտօ, որ 4 օր առաջ նշանակած էր նաեւ Ֆաթեհի բերդին մէջ կոլ մը (920-րդ), կրցաւ նշանակել Նասրի առաջին կոլը Մարսելօ Պրոզովիչի փոխանցումէն օգտուելով:
Ռոնալտօ մրցումէն ետք կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պիտի վերադառնայ Ռէալ Մատրիտ:
Ան աւելի մանրամասնեց, թէ իր` իբրեւ ֆութպոլիստի ամէնէն ուրախ օրերը հոն էին, եւ ապագային, երբ ֆութպոլիստի ասպարէզը լքէ, կ՛ուզէ մօտ ըլլալ Ռէալ Մատրիտին… թէ ի՛նչ դիրքի վրայ կամ ի՛նչ պաշտօնով, ան չմանրամասնեց, ամէն ինչ ձգելով ապագային:
Նշենք, որ Ռոնալտօ Ռէալ Մատրիտի հետ ելոյթ ունեցած է 2009-էն 2018, եւ այդ խումբին մէջ իր կատարած 438 պաշտօնական մրցումներուն նշանակած է 450 կոլ եւ կատարած 131 էսիսթ: