[ad_1]
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան եւրոպական լաւագոյն 5 երկիրներու ախոյեանութիւններու հետաքրքրական մրցումներ, որոնց ծիրին մէջ Անգլիոյ մէջ անցեալ տարուան ախոյեան Արսենալ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին:
Արսենալ անցեալ տարեշրջանին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Սիթին իր դաշտին վրայ: 2025-ին Արսենալ 9 մրցումներ կատարած է` յաղթելով 5 մրցումներ եւ պարտուելով միայն բաժակի մրցաշարքին, այդ ալ փենալթիներով, Մանչեսթըր քաղաքի աւելի հռչակաւոր Եունայթըտէն: Սիթի անցեալ հոկտեմբերի վերջին մրցումէն մինչեւ 2024 ձախող ելոյթներու շարքէն ետք, համեմատաբար ինքզինք վերագտած է, բայց Սիթին գրեթէ անյաղթ չէ այլեւս եւ շատ կոլեր կը ստանայ: 2025-ին Սիթին կատարած է 7 մրցումներ (բոլոր մրցաշարքերուն գծով)` յաղթելով 5 մրցումներ, պարտուելով 1 եւ հաւասարելով 1 այլ մրցումի մը:
Արսենալէն պիտի բացակային Պեն Ուայթ, Պուքայօ Սաքա եւ Կապրիէլ Ժեսուս, որոնք բոլորն ալ վիրաւոր են, մինչ Սիթիէն պիտի բացակային Նաթան Սոքէ, Ռոպեն Տիաշ եւ Ռոտրի:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի մեկնի Պորնմաութ` մրցելու նոյն շրջանի խումբին դէմ, որ դասաւորման 6-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ կրցած է 2025-ին իր կատարած 5 մրցումներէն 4-ը յաղթել, առանց պարտութիւն կրելու: Լիվըրփուլ 8 մրցում կատարած է այս տարի` յաղթելով 4-ին, պարտուելով 2 մրցումներու (մէկը` «Չեմփիընզ լիկ»-ին, միւսը` «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակին) եւ 2 մրցում ալ հաւասարութեամբ աւարտելով:
Ստորեւ` 24-րդ շաբթուան մրցումներու յայտագիրը.
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պրայթըն
Պորնմաութ – Լիվըրփուլ
Էվըրթըն – Լեսթըր Սիթի
Իփսուիչ Թաուն – Սաութհեմփթըն
Նիւքեսըլ – Ֆուլհամ
Վուլվզ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Պրենթֆորտ – Թոթենհամ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Քրիսթըլ Փելես
Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Չելսի – Ուեսթ Համ
«Լա լիկա»-ի 22-րդ շաբթուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա համեմատաբար դիւրին մրցակիցներ ունին, ուր Ռէալ պիտի մեկնի Պարսելոնա մրցելու Էսփանիոլ խումբին դէմ, մինչ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ալավեսը: Զարմանալին այն է, որ Պարսելոնա դժուար մրցակիցներու դէմ շատ աւելի լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ եւ պարտութիւններ կը կրէ համեմատաբար տկար մրցակիցներէ: Օսասունա, Սոսիետատ, Լաս Փալմաս եւ վերջերս Լեղանես կրցած էին յաղթել Պարսելոնային, մինչ անոնք դիւրութեամբ կրցած էին յաղթել Ռէալ Մատրիտին 2 առիթով (5-2 եւ 4-0) եւ Պայերն Միւնիխին («Չեմփիընզ լիկ»):
Բ. դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ իր «Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ 6-րդ դիրքը գրաւող Մայորքան: Ան այս տարի տակաւին յաղթանակ չէ տօնած:
Ստորեւ` 22-րդ շաբթուան յայտագիրը.
Խեթաֆէ – Սեւիա
Վիարէալ – Վայատոլիտ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Մայորքա
Էսփանիոլ – Ռէալ Մատրիտ
ՎԱՂԸ
Պարսելոնա – Ալավէս
Վալենսիա – Սելթա Վիկօ
Օսասունա – Ռէալ Սոսիետատ
Ռէալ Պեթիս – Աթլեթիքօ Պիլպաօ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ժիրոնա – Լաս Փալմաս
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 23-րդ շաբթուան մրցումներուն կան 2 «տաք» մրցումներ, որոնց ծիրին մէջ Միլանի «Տերպի Տելլա Մատոնինա»-ին Ա. Սէ. Միլան պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը:
Պաշտօնական 241 ճակատումներուն Ինթեր 91 անգամ կրցած է յաղթել, վերջին 10 ճակատումներուն ալ Ինթեր 7 անգամ յաղթական դուրս եկած է, հակառակ անոր որ վերջին ելոյթը եղած էր անցեալ 6 յունուարին գերբաժակի գծով, ուր Ա. Սէ. Միլան յաղթած էր:
Ա. Սէ. Միլանէն պիտի բացակային Էմիրսոն Ռուայալ, Ալեսանտրօ Ֆլորենցի, Եուսուֆ Ֆոֆանա եւ Մալիք Թիաու, մինչ Ինթերէն պիտի բացակային Ֆրանչեսքօ Ասերպի, Հաքան Չալհանօղլու եւ Խուաքին Քորէա:
Այլ կարեւոր մրցում մը վաղը իրար դէմ պիտի հանէ մայրաքաղաքի Ա. Էս. Ռոման եւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլին:
Քլաուտիօ Ռանիերիի Ռոմայի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելէ ետք խումբին արդիւնքները բարելաւում արձանագրեցին, եւ Ռոմա այս տարի տակաւին պարտութիւն չէ կրած, սակայն պէտք է նշել, որ պիտի հիւրընկալէ խումբ մը, որ 8 դեկտեմբերին Ռոմայի միւս ակումբ Լացիոյի դէմ պարտութենէն ետք իր բոլոր 7 մրցումներուն ալ յաղթած է: Նափոլի պիտի փորձէ յաղթանակ մը արձանագրել Հռոմի մէջ` 3 կէտերու առաւելութիւնը պահելու համար Ինթերի վրայ, որ մրցում մը պակաս կատարած է:
Ստորեւ` 23-րդ շաբթուան մրցումները.
Մոնցա – Վերոնա
Ուտինեզէ – Վենեցիա
Աթալանթա – Թորինօ
Պոլոնիա – Քոմօ
ՎԱՂԸ
Եուվենթուս – Էմփոլի
Ա. Սէ. Միլան – Ինթեր Միլան
Ա. Էս. Ռոմա – Նափոլի
Ֆիորենթինա – Ճենովա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քալիարի – Լացիօ Ռոմա
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 20-րդ շաբթուան ծիրին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Շթութկարթ – Մէօնշընկլատպախ
Պայերն Միւնիխ – Հոլշթայն Քիլ
Հայտընհայմ – Տորթմունտ
Պոխում – Ֆրայպուրկ
Զանքթ Փաուլի – Աուկզպուրկ
Ունիոն Պերլին – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
ՎԱՂԸ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Վոլֆսպուրկ
Պայեր Լեւերքուզըն – Հոֆենհայմ
Ֆրանսայի 20-րդ շաբթուան ծիրին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Պրեսթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Մոնաքօ – Օքսեռ
Լիլ – Սենթ Էթիեն
ՎԱՂԸ
Թուլուզ – Նիս
Ռենս – Նանթ
Անժէ – Լը Հաւր
Ռենն – Սթրազպուրկ
Մարսէյ – Լիոն