«Միացեալ Նահանգներու Հետ Փանամայի Ջրանցքի Սեփականութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Պիտի Չըլլան» Կ՛ըսէ Փանամայի Նախագահը

[ad_1]

Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինոն յայտարարած է, որ Փանամայի ջրանցքի սեփականութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ պիտի չըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը:

Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Փանամա յառաջիկայ այցելութիւնը պիտի արտօնէ կեդրոնանալ հասարակաց շահերու, որոնց շարքին` գաղթին ու թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երդման արարողութեան օրը ըսած էր, որ ամերիկեան նաւերու համար «լուրջ վճարումներ կը գանձուին եւ անոնց հետ ամէն կերպ անարդարացի կը վարուին»` նշելով. «Նախ եւ առաջ Չինաստանը կը ղեկավարէ Փանամայի ջրանցքը»:

Ան նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ջրանցքը վերադարձնել պահանջել:



Source link

Leave a Comment