[ad_1]
Այսօր ժամը 21:45-ին Ռիատիի դաշտին վրայ, Մանարայի մէջ, կը սկսի 2024-2025 տարեշրջանի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, ուր ախոյեան Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Բ. դասակարգէն նոր բարձրացած Թատամոն Հարաժելը:
Առաջին հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին երեքշաբթի օր, երբ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ «Անդրանիկ» պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն, ժամը 16:45-ին:
Չորեքշաբթի օր ժամը 21:45-ին, Սաժես պիտի հիւրընկալէ Քլիւպ Սանթրալը (Մարքազիյյէ Ճիւնի), Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ:
Հինգշաբթի օր, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մէյրուպան, ժամը 21:00-ին: Անցեալ երկուշաբթի օր «Ֆետերէյշըն քափ» մրցաշարքի գծով ՀՄԸՄ 103-88 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Մէյրուպան, եւ ախոյեանութեան առաջին մրցումին համակիրներուն ներկայութեան յաղթանակով սկսիլը շատ լաւ առիթ մը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի համար:
Նոյն օրը, ժամը 16:45-ին, Պէյրութ Ֆըրսթ իր Շիյահի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը, իսկ ուրբաթ ժամը 20:00-ին, Շանվիլ (Մարիսթ) պիտի հիւրընկալէ «Էն. Էս. Էյ.»-ը, Տիք Մըհտիի դաշտին վրայ: