Միջազգային Դրամատան Փոխնախագահը Սալամի Հետ Քննարկեց Վերաշինութեան Ծրագիրը

[ad_1]

Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Օսման Տիոն վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Հանդիպումի ընթացքին Միջազգային դրամատան աջակցութիւնը յայտնեցինք կազմուած նոր կառավարութեան: (…) Այս ծիրին մէջ Միջազգային դրամատան անունով Սալամին վերահաստատեցի մեր ամբողջական յանձնառութիւնը` շարունակելու վերականգնման, վերաշինութեան ու վերակառուցման հոլովոյթին մէջ Լիբանանին մեր աջակցութիւնը»:

«Այս առումով Սալամին նշեցի, որ գոյութիւն ունի 736 միլիոն տոլարի պատրաստ գումար մը, որ յատկացուած է չորս ծրագիրներու ոլորտներու, որոնք են` ջուրը, ուժանիւթը, հողագործութիւնը եւ ընդհանուր ելեւմուտքի բարեկարգումը: Այս ծրագիրները հաւանութիւն ստացած են, եւ մենք կը սպասենք լիբանանեան նախարարաց խորհուրդին եւ խորհրդարանին կողմէ անոնց վաւերացման», աւելցուց Տիոն:

«Սալամի հետ նաեւ քննարկեցի Լիբանանի վերաշինութեան արտակարգ ծրագիրը, որ մէկ միլիառ տոլար է, Միջազգային դրամատունը անոր մասնակից պիտի դառնայ 250 միլիոն տոլարով եւ լիբանանեան կառավարութեան հետ աշխատանք պիտի տանի մնացեալ գումարը ապահովելու` սկսելու համար վերաշինութեան հոլովոյթի առաջին փուլը», ըսաւ ան:

«Վարչապետին հետ անդրադարձայ նաեւ շատ կարեւոր բարեկարգումներու ծրագիրին: Նշուած իւրաքանչիւր ծրագիրը կը ներառէ բարեկարգման շարք մը կէտեր, որոնք քննարկուեցան ու վաւերացուեցան, սակայն նաեւ պատրաստեցինք նաեւ տարբեր մարզերու մէջ շուրջ 13 բարեկարգման քաղաքականութիւններ, որոնք կառավարութեան կողմէ պիտի քննարկուին եւ վաւերացուին», նշեց Միջազգային դրամատան փոխնախագահը:

«Վարչապետին կոչ ուղղեցի` բարեկարգման այդ քաղաքականութիւնները օգտագործելու իբրեւ ճամբու քարտէս, որ կարող կը դարձնէ հետեւիլ հաստատութիւններուն, ընկերային ու տնտեսական ոլորտներու բարեկարգումներու ընթացքին, որպէսզի բոլոր գործընկերները կարողանան միանալ վաղուց սպասուող բարեկարգումներուն, որոնց նոր կառավարութեան կողմէ գործադրութեան դրուելու ժամանակն է», յայտնեց ան:

«Միջազգային դրամատունը Լիբանանի հաւաստի գործընկերն է», ընդգծեց Միջազգային դրամատան փոխնախագահը:

 

 



Source link

Leave a Comment