[ad_1]
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց. «Կը մաղթենք, որ Սուրիոյ ապագան աւելի լաւ ըլլայ, քան այն տառապանքը, որ սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդները ապրեցան Պաշշար Ասատի վարչակարգի օրերուն, եւ հաւասար յարաբերութիւններու եւ իրարու հարցերուն չմիջամտելու կը ձգտինք»:
«Սկսանք խօսիլ Լիբանան-Սուրիա բարձրագոյն խորհուրդի ջնջման մասին, եւ վերատեսութեան ենթարկել եղբայրութեան, գործակցութեան ու համագործակցութեան համաձայնագիրը, Սուրիա այցելութիւնը աշխատանքային օրակարգիս վրայ է», նշեց Ռաժժի:
Անդրադառնալով իրանեան օդանաւի խնդիրին` ան ըսաւ. «Կառավարութեան եւ ինծի համար քննութիւն էր, եւ բանակցութիւնը տեղի ունեցաւ փոխադրամիջոցներու, աշխատանքի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան ճամբով: Նախագահի յատուկ արտօնութեամբ եւ քաղաքային թռիչքներու վարչութեան հետ համաձայնաբար, իրանեան օդանաւը կրցաւ (սէյիտ Հասան Նասրալլայի) յուղարկաւորութեան օրը երաշխիքներով էջք կատարել:
«Խնդիրը երկու բաժիններէ կը բաղկանայ: Առաջին բաժինը իրաւական է եւ կը վերաբերի համաշխարհային քաղաքային թռիչքներուն, որովհետեւ իրանեան օդանաւային ընկերութիւնները պատժամիջոցներու ենթակայ են, եւ Լիբանան չի կրնար այդ հարցը շրջանցել, այլապէս իր դէմ պատժամիջոցներ կը հաստատուին: Երկրորդ բաժինը որոշ օդանաւի մը օդակայան էջք կատարելու պարագային այն ուղղակի սպառնալիքն է, թէ անոր դէմ զինուորական գործողութիւն պիտի կատարուի, եւ լիբանանեան կառավարութիւնն ու նախագահը մտահոգ են օդակայանի անվտանգութեամբ, պետական հաստատութիւններու, լիբանանցի եւ օտար ճամբորդներու անվտանգութեամբ: Չենք կրնար այդ վտանգաւոր քայլին դիմել: Հայրենասիրութիւնը, արժանապատուութիւնը, գերիշխանութիւնը անշուշտ կարեւոր են, սակայն քաղաքացիներու անվտանգութիւնը եւս կարեւոր է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք համաձա՞յն է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, եթէ Սէուտական Արաբիան այդ քայլը կատարէ, Ռաժժի ըսաւ. «Մինչեւ հիմա ոչ ոք մեզի հետ այդ հարցը արծարծեց, սակայն լրատուամիջոցներէն լսեցի, որ այդ ուղղութեամբ մեծ ճնշումներ կան, եւ վերաշինութեան ու այդ հարցին միջեւ կապ մը գոյութիւն ունի»:
Ան հերքեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս այդ հարցին անդրադարձած է կամ քննարկումը ընթացք առած է` նշելով. «Այդ հարցը արծարծուելու պարագային հաստատօրէն պիտի քննարկուի նախարարաց խորհուրդին մէջ»:
Ռաժժի շեշտեց, որ ինք կը պնդէ իր տեսակէտը տալ «նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին եւ ոչ թէ լրատուամիջոցներու միջոցով` նկատի ունենալով հարցին նրբութիւնը»:
«Առաջին փուլին կ՛ուզենք զինադադարի համաձայնութեան, սահմաններ վերադառնալուն եւ ամբողջական հեռացման հասնիլ, որմէ ետք կը տեսնենք, թէ հարցերը ինչպէս կ՛ընթանան», յայտնեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան վստահեցուց. «Ոչ մէկ կողմ մեզի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը արծարծեց, եւ մինչեւ հիմա շուրջ 15 արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպում ունեցայ, եւ շուրջ 6 արտաքին գործոց նախարարի հետ հեռաձայնային զրոյց ունեցայ, ինչպէս նաեւ մեծ տէրութիւններու մեծաթիւ դեսպաններու հետ հանդիպում ունեցայ»: