Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Լիբանանեան Նոր Կառավարութեան Հետ Պիտի Գործակցին Շտապ Կերպով Պահանջուած Տնտեսական Բարեկարգումներու Մշակման Համար»

[ad_1]

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը շնորհաւորեն Լիբանանի ժողովուրդը 26 փետրուարին կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան յաջող քուէարկութեան առիթով»:

«Կ՛ողջունենք վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր կառավարութեան յաջողութիւն կը մաղթենք նախագահ Ժոզեֆ Աունի ղեկավարութեան ներքեւ», ըսաւ նախարարութիւնը:

«Լիբանանցի ժողովուրդը երկար ատեն զրկուեցաւ գոյութենէն կառավարող մարմինի մը, որ կրնայ երկիրը միաւորել եւ վերակառուցել լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները», յայտնեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկան լիբանանեան նոր կառավարութեան հետ պիտի գործակցի շտապ կերպով պահանջուած տնտեսական բարեկարգումներու մշակման համար, եւ պիտի շարունակենք թշնամական արարքներու դադրեցման գործադրութեան մէջ աջակցիլ լիբանանեան զինեալ ուժերուն»:

 



Source link

Leave a Comment