[ad_1]
Մարմնակրթութեան եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Դոկտ. Պայրագտարեան նախագահ Աունին ներկայացուց նախարարութեան մէջ իր աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով քանդուած մարմնակրթական կառոյցներու վերաշինութեան համար քայլերը: