«Պէյրութի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Վերաբացումը Էմիրութիւններուն Լիբանանին Աջակցելու Յանձնառութեան Մարմնաւորումն Է» Կ՛ըսէ Մոհամետ Պըն Զայետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:

Պըն Զայետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Լիբանանի պետութեան հաստատութիւններուն եւ գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միութեան ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու դիրքորոշումը վերահաստատեց:

Երկու կողմերը քննարկեցին հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շարք մը շրջանային եւ միջազգային թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցին` ընդգծելով շրջանին մէջ կայունութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու համար աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը:

«Պէյրութի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան վերաբացումը Էմիրութիւններուն Լիբանանին աջակցելու յանձնառութեան մարմնաւորումն է», ըսաւ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ:

 

 

 

Leave a Comment