Պարրաք. «Պատերազմէն Ետք Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւնները Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Համար Այլեւս Անհրաժեշտ Դարձած Են»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք յայտնեց. «Պատերազմէն ետք Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար այլեւս անհրաժեշտ դարձած են»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Պարրաք թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նշեց, թէ Իսրայէլը չ՛ատեր եւ այդ սահմանին վրայ խաղաղութիւն կ՛ուզէ: Կը կարծեմ, որ ատիկա նաեւ Լիբանանի հետ տեղի պիտի ունենայ: Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը անհրաժեշտ բան է»:

«Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմը Միջին Արեւելքի մէջ նոր ճամբայ կը հարթէ», շեշտեց ամերիկացի պատուիրակը:

 

Leave a Comment