«Ընտրական Օրէնքը Փոխելու Կարիքը Պէտք Է Լիբանանցիներու Ձգտումները Բաւարարելու Եւ Ներկայացուցչութիւնը Բարելաւելու Համար Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ընտրական օրէնքը փոխելու կարիքը պէտք է լիբանանցիներուն ձգտումները բաւարարելու եւ ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու համար ըլլայ»:

«Տեսած ենք որոշ դիրքորոշումներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն` երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքի փոփոխութիւնը կապելու շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի խօսակցութիւններուն, որոնք, ըստ այդ դիրքորոշումներուն, շիի երեսփոխանական ներկայացուցչութեան իրողութեան փոփոխութիւն կը պահանջեն», նշեց կուսակցութիւնը:

«Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ հիմնական համայնքի մը ներքին թիրախաւորման կէտեր պարունակելուն համար կը մերժէ այդպիսի թեզերը, կը զգուշացնէ այդ առաջարկներուն վտանգաւորութենէն եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքներէն` ընդգծելով, որ ընտրական օրէնքի փոփոխութեան կարիքը պէտք է լիբանանցիներու ձգտումները բաւարարելու եւ ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու համար ըլլայ եւ ոչ թէ առնչուած ըլլայ քաղաքական փոփոխութիւններու կամ լիբանանեան որեւէ բաղադրիչի թիրախաւորման հետ», աւելցուց կուսակցութիւնը:

«Նախկին օրէնքներուն եւ ներկայ օրէնքին մեծագոյն վատ կողմերէն մէկը այն է, որ անոնք կը մշակուէին հաւասարակշռութիւնները փոխելու, կարգ մը ուժեր պաշարման ենթարկելու կամ ուրիշներ թիրախաւորելու համար: Հաստատօրէն այդ փորձերը որեւէ արդարացումով պէտք չէ կրկնել, որովհետեւ անոնք միայն քաղաքական ճգնաժամեր յառաջացուցին», նշեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը:

 

 

 

Leave a Comment