Քանատան Եւ Փորթուգալը Մտադիր Են Ճանչնալ Պաղեստինի Պետութիւնը, Գերմանիա Կը Նախընտրէ Այդ Մէկը Բանակցութիւններու Աւարտին Կատարել

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ իր երկիրը մտադիր է յառաջիկայ սեպտեմբերի ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու:

Քառնի լրագրողներու յայտնեց, թէ այս քայլը պայմանաւորեալ է պաղեստինեան իշխանութեան յանձնառութեամբը այն բարեկարգումներուն, որոնք կը ներառեն կառավարութեան արմատական բարեկարգում, ինչպէս նաեւ 2026 թուականին կազմակերպելով Համասի մասնակցութիւնը բացառող ընտրութիւններու կայացումով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Քանատան քիչ առաջ յայտարարեց, թէ պաղեստինեան պետութեան հաստատման կը զօրակցի, եւ ատիկա մեզի համար շատ կը դժուարացնէ անոր հետ առեւտրական գործարք կնքելը»:

Փորթուգալի վարչապետ Լուիս Մոնթենեկրօ իր կարգին յայտարարեց. «Փորթուգալը մտադիր է սեպտեմբերին ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ նշեց, թէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը երկու պետութիւններ սկզբունքով բանակցութիւններուն աւարտին աւելի օգտաշատ պիտի ըլլայ, սակայն հոլովոյթը հիմա պէտք է սկսի` զգուշացնելով, որ Պերլին «միակողմանի քայլերով» պիտի հակադարձէ:

Միւս կողմէ, Թրամփ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտին վերջ տալու ամէնէն արագ լուծումը պաղեստինեան Համաս շարժումի անձնատուութիւնն ու գերիներու ազատ արձակումն է:

 

Leave a Comment