Արաղչի. «Կարելի Չէ Համաձայնութիւն Գոյացնել, Այնքան Ատեն Որ Թրամփ Իւրանիոմի Հարստացումը Դադրեցնելու Մեր Համաձայնութիւնը Կը Պահանջէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու ձեռնարկելէ առաջ Ամերիկան պէտք է մեզի փոխհատուցում կատարէ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Պատերազմի (Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, «Ա.») ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ նամակներու փոխանակում կատարեցի», ըսաւ Արաղչի:

«Թեհրան պիտի չհամաձայնի Իսրայէլի հետ պատերազմէն ետք բնական կացութեան վերադառնալ», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշեց, որ իր երկիրը տակաւին իւրանիոմի հարստացում կատարելու կարողութիւնը ունի:

«Կարելի չէ համաձայնութիւն գոյացնել, այնքան ատեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ (իւրանիոմի) հարստացումը դադրեցնելու մեր համաձայնութիւնը կը պահանջէ», յայտարարեց Արաղչի:

Leave a Comment