Թուրքիոյ Խորհրդարանը Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութիւնը Առկախելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

Թուրքիոյ խորհրդարանը Կազայի մէջ սովի ճամբով ցեղասպանութիւնը քննարկելու արտակարգ նիստի մը ընթացքին որդեգրեց խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի` «Իսրայէլի Կազայի բռնագրաւումը երկարաձգելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործելուն» վերաբերեալ նախագիծը:

Քուրթուլմուշ նշեց. «Առաջարկուած նախագիծը չափազանց ուժեղ փաստաթուղթ կը նկատուի եւ կ՛արտացոլէ աշխարհին առջեւ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը»:

«Թուրքիոյ խորհրդարանական պլոքներու բոլոր պետերն ու երեսփոխանները ստորագրեցին նախագիծը, որ պետական օրաթերթին մէջ հրատարակուելով պիտի ստանայ պետութեան քաղաքական փաստաթուղթի կարգավիճակ», ըսաւ ան:

Նախագիծը կը նշէ. «Իսրայէլ տասնամեակներէ ի վեր իր ցեղասպանութեան ու կցման քաղաքականութիւնը անցնող երկու տարուան ընթացքին վերածեց յստակ ցեղասպանութեան»:

«Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ իսրայէլեան կառավարութիւնը դիտաւորեալ կերպով Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն սով ու աղքատութիւն պարտադրեց, բան մը, որ հաստատեցինք ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու զեկուցումները», կ՛ընդգծէ ան:

Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ առկախելու Իսրայէլի` ՄԱԿ-ի եւ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ անդամակցութիւնը, մինչեւ որ իսրայէլեան կառավարութիւնը Կազայի մէջ ցեղասպանական քաղաքականութենէն ետդարձ կատարէ:

Նախագիծը նաեւ կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա հասանելիութիւնը երաշխաւորելու եւ Իսրայէլացի պաշտօնատարները միջազգային արդարադատութեան մէջ հաշուետուութեան ենթարկելու պատերազմական ոճիրներու եւ ցեղասպանութեան համար:

Նախագիծը զօրակցութիւն կը յայտնէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան անկախ եւ գերիշխան պետութեան մը ստեղծման` զայն նկատելով արդար եւ տեւական խաղաղութեան իրագործման միակ ուղին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագիծը նաեւ աշխարհի խորհրդարաններուն կոչ կ՛ուղղէ` «վերջ տալու Իսրայէլի հետ զինուորական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն, պաղեստինցի ժողովուրդի պաշարումը անմիջապէս վերցնելու, պաշտպանելու երկու պետութիւններու տեսլականը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի պետութեան միջազգային ճանաչումները աւելցնելու:

Leave a Comment