«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արցախ» չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովը պիտի անդրադառնայ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով հակամարտութիւնները լուծելու անթոյլատրելիութեան, Արցախի հարցի անլոյծ մնալուն, արցախահայութեան` հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի իրականացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն:

Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ առանցքային հարցերը.

. Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլը եւ ընթացող գործընթացներու վտանգաւոր միտումները,

. միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը եւ արդար ու կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը,

. անցեալի փորձի կիրարկումը ներկայիս մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ,

. արցախահայութեան շահերու պաշտպանութիւնը եւ վերադարձի իրաւունքի իրականացումը իբրեւ կայուն խաղաղութեան նախապայման,

. մշակութային ժառանգութեան պահպանման հրատապութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ,

. գերիներու վերադարձի եւ մարդասիրական հարցերու հրատապ լուծումը իբրեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման հիմք:

Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Ռուսիոյ Դաշնութենէն, Իրանէն, Արցախէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն:

Խորհրդաժողովը նպատակ ունի ձեւաւորել միջազգային եւ ներազգային համախմբում` Արցախի հարցի արդար լուծման, արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի իրականացման եւ շրջանին մէջ երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան ապահովման համար:

Leave a Comment